Այնպէս կը թուի, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան արեւելեան շրջանի աւարտականը քիչ մը պիտի երկարի` նկատի ունենալով, որ երէկ Թորոնթօ Ռեփթըրզ իր դաշտին վրայ 120-102 արդիւնքով յաղթելով Միլուոքի Պաքսին, արդիւնքը հաւասարեցուց 2-2-ի:
Յաղթական կազմէն Քայլ Լովրի նշանակեց 25 կէտ, իսկ Պաքսէն Քրիս Միտըլթոն` 30: