Անգլիական «Տը Թայմզ» օրաթերթին հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, իտալացի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ իր դատը շահեցաւ լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբին դէմ:
49 տարեկան մասնագէտը անգլիական ակումբէն պիտի ստանայ 9 միլիոն սթերլինկ փոխհատուցում, նախորդ ամառ իր աշխատանքային պայմանագրութեան ժամանակէն առաջ միակողմանի խզման համար:
Չելսիի ղեկավարութիւնը բողոք պիտի չներկայացնէ դատարանին տուած այս որոշումին դէմ:
Չելսիի ռուս սեփականատէր Ռոման Ապրամովիչի ժամանումէն ի վեր Չելսի մարզիչներու պաշտօնազրկումներէն ետք փոխհատուցումներու համար ծախսած է ընդամէնը 90 միլիոն սթերլինկ:
Քոնթէ Չելսիի մարզիչ եղած է 2016-էն 2018:
Երէկ նշուեցաւ, որ ան պիտի ստանձնէ Ինթեր Միլանի մարզիչի պաշտօնը: