Աբխազիոյ նախագահ Ռաուլ Խաճիմպա հաւաստած է, որ ընդդիմութեան առաջարկած է պետութեան ղեկավարի ընտրութիւնը յուլիսէն տեղափոխել օգոստոսի վերջը: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ նախագահի կայքին վրայ կը հաղորդուի, թէ ան կ՛առաջարկէ ընտրութիւնը նշանակել 25 օգոստոսին:
Նախապէս ընդդիմութեան ներկայացուցիչները յայտնած են, որ պետութեան ղեկավարին հետ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է ընտրութիւնները 21 յուլիսէն 26 օգոստոս յետաձգելու շուրջ:
«Պետութեան ղեկավարը ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն առաջարկած է քննարկել նախագահական ընտրութիւնը 25 օգոստոս 2019-ին տեղափոխելու կարելիութեան հարցը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Միասնական Աբխազիա» ընդդիմադիր կուսակցութեան նախագահ, բանակցութիւններու մասնակից Սերկէյ Շամպա իր կարգին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հաստատած է, որ խօսքը կը վերաբերի քուէարկութիւնը 25 օգոստոսին տեղափոխելուն:
Նախապէս Աբխազիոյ բնակիչները բողոքի անժամկէտ ցոյց յայտարարած էին իշխանութեան` նախագահի ընտրութիւնը մինչեւ աշուն յետաձգել մերժելուն պատճառով:
Անոնք ընտրութիւնը յետաձգել կը պահանջէին, որովհետեւ ընդդիմութենէն նախագահի պաշտօնին հիմնական թեկնածու Ասլան Պժանիան Մոսկուայի մէջ առողջական ծանր վիճակի մէջ փոխադրուած է հիւանդանոց: