Ռուսիոյ Դաշնակցային անվտանգութեան գրասենեակի («Էֆ.Էս.Պի.») տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքով յայտնեց. «ՏԱՀԵՇ-ի Խորասանի վիլայեթէն շուրջ 5 հազար զինեալներ կեդրոնացած են Աֆղանիստանի հիւսիսային սահմաններուն մէջ` Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) անդամ պետութիւններու սահմաններուն մօտ»:
«Ահաբեկչական խմբաւորումներուն ԱՊՀ-ի սահմաններուն մօտ փոխադրուիլը մեզ կը մտահոգէ», ըսաւ ան:
«Հաստատ տեղեկութիւններ ստացանք, թէ ոճրագործները խափանարարական աշխատանքներու նոր միջոցներ ու ձեւեր կը կիրարկեն: Ոճրագործները միջոցներ, ճարտարագիտութիւն եւ ենթակառոյց ունին` քիմիական եւ կենսաբանական թունաւոր նիւթեր արտադրելու, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարքերը կ՛օգտագործեն իբրեւ փոխադրամիջոց», նշեց «Էֆ.Էս.Պի.»-ի տնօրէնը: