Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի 400 անդամներ ստորագրեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ կ՛ուղղեն շարունակելու Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու աշխատանքը եւ ատոր համար որդեգրելու նոր ռազմավարութիւն մը, որ կը ներառէ երկրին մէջ ամերիկեան ուժերու պահպանումը:
Քոնկրեսականները իրենց հետզհետէ աճող մտահոգութիւնը յայտնեցին Սուրիոյ մէջ գործող ծայրայեղական խմբաւորումներուն նկատմամբ եւ զգուշացուցին շրջանին մէջ իր ամէնէն սերտ դաշնակիցներէն ոմանց թիրախաւորման նկատմամբ Ուաշինկթընի որդեգրած թոյլ կեցուածքէն:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին ու վերին պալատներու անդամները պահանջեցին աճեցնել Իրանի, Ռուսիոյ եւ Հըզպալլայի վրայ ճնշումները` Սուրիոյ մէջ անոնց գործունէութեան պատճառով:
Յիշեցնենք, որ Թրամփ յունուար 2019-ին յայտարարած էր, թէ ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռացումը ո՛չ արագ պիտի ըլլայ, ո՛չ ալ ՏԱՀԵՇ-ը ամբողջովին արմատախիլ ընելէն առաջ: