Sunday May 26, 2013

ԻՍՐԱՅԷԼ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵՑ 550 ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ ԳԵՐԻՆԵՐ

By adminx - Tue Dec 20, 7:39 am

Իսրայէլ Համասի հետ գոյացած գերիներու փոխանակման համաձայնութեան երկրորդ եւ եզրափակիչ հանգրուանը գործադրելով` ազատ արձակեց 550 պաղեստինցի գերիներ:

Երկու կողմերուն միջեւ եգիպտական միջնորդութեամբ գոյացած համաձայնութեան ծիրին մէջ Համաս արդէն ազատ արձակած է իր կողմէ 5 տարի առաջ գերեվարուած իսրայէլացի զինուոր Կիլատ Շալիթը` իսրայէլեան բանտերուն մէջ արգելափակուած հազար պաղեստինցի գերիներուն դիմաց:

Նշենք, որ վերոնշեալ հազար գերիներուն շուրջ կէսը ազատ արձակուած էին Շալիթի հետ միատեղ:

Իսրայէլ արդէն յայտարարած է, որ ազատ արձակուած պաղեստինցիներու շարքին ահաբեկչութեան համար  դատապարտուած պաղեստինցի զինեալներ չկան:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement