Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) նախագահ Ժոզեֆ Տոլ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ հետեւեալ գրառումը կատարած է Հայաստանի մէջ դատական համակարգի բարեփոխումներուն վերաբերեալ.
«Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է երաշխաւորեն, որ որեւէ բարեփոխման պարագային առաջնահերթ ըլլայ դատական համակարգի անկախութիւնը` իբրեւ ժողովրդավարական հասարակութեան առանցք: Պէտք է յարգել օրէնքի գերակայութիւնը եւ իշխանութիւններու տարանջատումը», գրած է ան: