Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց տարիքային ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Անթիլիասի 16 տարեկանէն վար կրտսերներու խումբը բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Ամալ Հատաս Ժըպպէ խումբին դէմ` 64-44 արդիւնքով:
Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), ՀՄԸՄ-ի կազմին համար եղաւ առաջինը` այս ախոյեանութեան գծով:
Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն եւս խումբը արձանագրէ յաջորդական յաղթանակներ: