Ռէալ Մատրիտ 12 Պարտութեամբ
Հրաժեշտ Տուաւ Տարեշրջանին
Էյպար – Պարսելոնա մրցումով երէկ յետմիջօրէին, իր աւարտին հասաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանը:
Պարսելոնա, որ ախոյեանութեան տիտղոսը ապահովեց բաւական առաջ, 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն հիւրը եղաւ Էյպարի (12-րդ):
Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը` մէկ վայրկեանի ընթացքին (31-րդ եւ 32-րդ), եւ անոր կազմը արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Այսպիսով, Պարսա տարեշրջանը աւարտեց 87 կէտով:
Արքայական ակումբը` Ռէալ Մատրիտ, տարեշրջանը աւարտեց 12 պարտութեամբ, երբ վերջին հանգրուանին երէկ իր դաշտին վպայ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Ռէալ Պեթիսէն:
Հիւր կազմը իր կոլերը նշանակեց 61-րդ եւ 75-րդ վայրկեաններուն:
Այսպիսով, Ռէալ Մատրիտ 68 կէտով գրաւեց երրորդ դիրքը` 8 կէտով ետ մնալով փոխախոյեան հանդիսացած Աթլեթիքօ Մատրիտէն, որ Լեվանթէի դաշտին վրայ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Նախքան այս հանգրուանը, արդէն իսկ յստակացած էին Բ. դասակարգ փոխադրուած երեք խումբերը` Կիրոնա, Հուեսքա եւ Ռայօ Վայեքանօ: