Ղազախստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, 2-րդ դիրքը գրաւող Քայսար Քիզիլորտա իր դաշտէն դուրս արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան մեծ քառակուսիէն բաւական հեռու սքանչելի կոլով մը զգետնեց մրցակիցին բերդապահը` 10-րդ վայրկեանին: Անոր խմբակից Ճոշուա Ճոն նշանակեց Քայսարի յաղթանակի կոլը (74-րդ):
Այժմ Քայսար հինգ կէտով ետ է առաջին դիրքը գրաւող Ասթանայէն, որ մրցում մը աւելի կատարած է: