Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ այս շաբաթ Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ տեղի ունեցած բանակցութիւնները «խորքային էին եւ յաջող»:
«Ռուսիա մեկնեցանք բանակցութեան շատ խորքային օրակարգի մը համար, եւ ի յայտ եկաւ, որ յաջող էր», ըսաւ Փոմէօ:
«Երբ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնն էի, միասնաբար աշխատեցանք աշխարհի ամբողջ տարածքին ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար եւ երկու երկիրներուն միջեւ ահաբեկչութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանակեցինք: Շատ լաւ գիտեմ, որ ռուսերուն մեզի տրամադրած տեղեկութիւններուն շնորհիւ ամերիկացիներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորեցինք, նաեւ գիտեմ, որ մեր ունեցած տեղեկութիւնները տրամադրելով ռուսերու կեանքեր փրկեցինք», յայտնեց ան:
Յիշեցնենք, որ Փոմփէօ Ռուսիա այցելեց երեքշաբթի, 14 մայիսին, եւ Սոչիի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպում ունենալէ ետք, հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: