1 յունուար 2020-ին, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչը, որ կրնայ ըլլալ Պիելոռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի պետական քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը: «ՓանԱրմինիըն» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնակատար Վալերի Սեմերիքով:
Ան աւելցուցած է, թէ 1 յունուար 2020-էն «ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը վարելու կարգը կ՛անցնի Պիելոռուսիոյ»:
Նոր ընդհանուր քարտուղարի հարցին վերաբերեալ վերջնական որոշումը պիտի տրուի 22 մայիսին` ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին: Սեմերիքով բացատրած է, որ արտաքին գործոց նախարարները պետութիւններու ղեկավարներուն միայն կ՛առաջարկեն այս կամ այն պաշտօնեայի թեկնածութիւնը:
Յիշեցնենք, որ նոյեմբեր 2018-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնէն ետ կանչեց Եուրի Խաչատուրովը, որ առնչուած է Մարտ 1-ի գործին: Ան այդ պաշտօնը ստանձնած էր 2017-ին եւ պէտք էր պաշտօնավարէր մինչեւ 2020: