Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին գումարեց 2019-ի պետական ամավարկի քննարկման իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ կիրակի երեկոյեան` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը քաղաքապետարաններէն պահանջած է ելեւմուտքի նախարարութեան տեղեկութիւն ներկայացնել քաղաքապետարանի տարածքին մէջ եղող հաստատութիւններուն մասին, որպէսզի տուրքերը հաւաքելու աշխատանքը կանոնաւոր կերպով կատարուի:
Ժարրահ յայտնեց, որ կառավարութիւնը որդեգրած է նաեւ շարք մը որոշումներ, որոնց հիման վրայ հակակշիռի տակ պիտի առնուի մաքսատան տուրքերը հաւաքելու ընթացքը:
Ան նշեց, որ այս շրջագիծին մէջ պաշտպանութեան նախարարութեան պարտականութիւն տրուեցաւ զսպել ապօրինի անցքերը` արգիլելու համար մաքսանենգումը:
Ժարրահ նշեց նաեւ, որ առաջարկուած է սեփական մարզի պաշտօնէութեան փոխադրածախսը օրական դրութեամբ 8 հազար լ. ոսկիէն 6 հազար լ. ոսկիի նուազեցնել:
Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին 2019-ի պետական ամավարկը իր վերջնական թիւերով ներկայացուցած է եւ յանձնած նախարարաց խորհուրդին:
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր շեշտեց, որ պետական ամավարկի քննարկումը պիտի շարունակուի յառաջիկայ քանի մը օրերուն:
Ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր նշեց, որ կառավարութեան նիստը եղած է արդիւնաւէտ` աւելցնելով, որ պետական ամավարկին մէջ մեծաթիւ սեղմումներ եւ կրճատումներ արձանագրուած են:
Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին վարչապետ Հարիրի նախարարներուն ըսած է, թէ պետական ամավարկին մէջ նշուած զինուորականներուն վերաբերող թիւ 3 յօդուածը պիտի քննարկուի Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ:
Այս առումով, Պու Սաապ նախանցեալ երեկոյեան պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարութեանց պիւտճէներուն վերաբերող 2019-ի պետական ամավարկի մանրամասնութիւնները:
Միւս կողմէ, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը յառաջիկայ երկուշաբթի օր ընդհանուր գործադուլ յայտարարեց եւ կոչ ուղղեց մասնակցելու Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին կատարուելիք բողոքի նստացոյցին:
Խորհուրդը սպառնաց այդ գործադուլը բաց գործադուլի վերածել եւ մագլցողական քայլերու դիմել, ինչպէս` պետական քննութիւններու սրբագրութեան պոյքոթի ենթարկումը, եթէ պետական մարզի պաշտօնեաներու իրաւունքներուն իմաստով կառավարութիւնը կրճատումներ կատարէ: