Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի անձնական ներկայացուցիչ, պետական նախարար Համատ պըն Ապտել Ազիզ Քաուարին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Քաուարի հաստատեց, որ Քաթարի եւ քաթարեան իշխանութիւններուն համար Լիբանան իւրայատուկ տեղ եւ կշիռ կը ներկայացնէ:
Անդրադառնալով Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած տնտեսական եւ ընկերային բարգաւաճման վեհաժողովին ընթացքին Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի կատարած նուիրատուութեան` Քաուարի հաստատեց, որ երբ Քաթար խոստանայ, իր խոստումը կը կատարէ:
Պասիլ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը` ընկերակցութեամբ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Պասիլի այցելուներէն եղան նաեւ Մարոնիներու լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ լիկայի նախագահ Նաամթալլա Ապի Նասըրի: