Ուրբաթ, 17 մայիս 2019-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանը եւ հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայ աւետարանական եկեղեցիէն վեր. Պերճ Ճամպազեանը` ընկերակցութեամբ իրենց գործակից պատուելիներու:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ յատկապէս Քալիֆորնիոյ առնչուած հարցերուն: Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներուն միջեւ ներդաշնակ ու սերտուած գործակցութիւն մը ծաւալելու կարեւորութեան եւ այս ծիրին մէջ մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման: