Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախ եւ առաջ շնորհաւորեց պիչ-ֆութպոլի ազգային խումբը, որ տիրացաւ Թայլանտի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ 2018-2019 տարեշրջանին գծով տեղի ունեցած կարգ մը մրցումներուն շուրջ քննութիւններու սկսած է` որոշ բացայայտումներ կատարելու գլխաւոր նպատակով:
Հաշեմ Հայտար, Մահմուտ Ռապհա եւ Ժիհատ Շըհաֆ 4 յունիսին Փարիզի մէջ (Ֆրանսա) իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ՖԻՖԱ-ի յատուկ նիստի մը:
Ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Շապապ Արապի, մարզիկներու փոխանցման երեք հանգրուաններուն ընթացքին, ո՛չ օտար եւ ո՛չ ալ տեղացի մարզիկ կրնայ միացնել իր կազմին` իր օտարական մարզիկներէն մէկուն նիւթական պարտաւորութիւնները վճարած չըլլալուն պատճառով:
Ֆետերասիոնը կազմեց կարգ մը ազգային խումբերու յանձնախումբերը:
Լիբանանի տղոց 16 տարեկանէն վար ազգային խումբին գլխաւոր մարզիչն է Յակոբ Տեմիրճեան:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի (2018-2019 տարեշրջան) կիսաւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
ՇԱԲԱԹ, 18 ՄԱՅԻՍ | ԺԱՄ | ԴԱՇՏ |
Անսար – Ախա Ահլի Ալէյ | 10:30 | Ֆուատ Շեհապ |
ԿԻՐԱԿԻ, 19 ՄԱՅԻՍ | ||
Ահտ – Ռասինկ | 16:00 | Պհամտուն |
Ֆետերասիոնը մէկուկէս միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանքի ենթարկեց Նըժմէն, որուն համակիրները Անսարի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (բաժակի մրցաշարք) անկարգապահ գտնուեցան:
Նոյնքան տուգանքի ենթարկուեցաւ նաեւ Անսար: