Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտարարեց, թէ իր երկիրը պատերազմի չի ձգտիր, սակայն ուժեղ կերպով կը պաշտպանէ իր շահերը` աւելցնելով, որ Իրանի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները բնականոնացնելը միակ միջոցն է հիւլէական համաձայնութիւնը պահպանելու:
Զարիֆ Թոքիոյի մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Ամերիկայի ճգնաժամեր յառաջացնող քայլերէն ետք, հարկ է խորհրդակցութիւններ կայացներ կարեւոր երկիրներուն եւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան կարեւոր գործընկերներուն հետ»` աւելցնելով, որ ինք Թոքիոյ կ՛այցելէ հրաւէրով Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարին, «որ կ՛ուզէ այդ ոլորտին մէջ քննարկումներ կատարել»:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու կարելիութիւն գոյութիւն չունի»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մէկ օր առաջ յայտնած էր. «Վստահ եմ, որ Իրան մօտ օրէն պիտի ուզէ մեզի հետ բանակցիլ»:
Երէկ գիշեր Թրամփ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարին ըսած է, որ Իրանի հետ պատերազմիլ չ՛ուզեր:
Միւս կողմէ` Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց. «Եթէ իրանցիները որեւէ արարք գործեն, գոհ պիտի չմնան անոր հետեւանքներէն»:
Նշենք, որ «Ռոյթըրզ» երէկ հաղորդեց, որ Քուէյթի կառավարութիւնն ու խորհրդարանը գումարած են միացեալ ժողով մը` առ ի պատրաստութիւն տարածաշրջանին մէջ որեւէ պատերազմի: