Աշխատանքային այցելութեամբ Ղազախստան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է նախագահ Քասիմ-Ժոմարտ Թոքայեւի հետ:
Ղազախստանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է հայաստանցի իր պաշտօնակիցին` իր հրաւէրը ընդունելուն եւ տնտեսական 12-րդ տարեկան համաժողովին մասնակցելուն համար, որ այս տարի կը կրէ «Ոգեշնչող աճ. մարդիկ, քաղաքներ, տնտեսութիւններ» խորագիրը:
«Ձեր մասնակցութիւնը, անկասկած, աւելի նշանակալի կը դարձնէ տնտեսական համաժողովը: Մեր երկիրները ունին բարեկամական եւ գործընկերային փոխյարաբերութիւններ, եւ այդ համագործակցութեան հիմքը դրած է մեր առաջին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւը, որ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է Հայաստանի հետ փոխադարձ գործակցութեան զարգացման, եւ այսօր կրնանք հաստատօրէն ըսել, որ մեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները շատ լաւ հիմերու վրայ են: Մենք սերտօրէն կը համագործակցինք նաեւ շրջանային եւ միջազգային այնպիսի կազմակերպութիւններու տարբեր շրջանակներու մէջ», ըսած է Քասիմ-Ժոմարտ Թոքայեւ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան դիտել տուած է, որ երկու ժողովուրդները սերտ կապի մէջ են դարերէ ի վեր: «Մեր պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները պատմականօրէն խոր արմատներ ունին, եւ բարեկամութեան ու համագործակցութեան վառ օրինակ են: Մենք 21-րդ դարը կ՛ապրինք, եւ անիկա մեծապէս կը տարբերի 20-րդէն: Եւ այս պարունակին մէջ, կը կարծեմ, թէ Հայաստանի ու Ղազախստանի միջեւ գործակցութիւնը կրնայ շատ աւելի հեռու երթալ ու խորանալ թէ՛ տնտեսութեան ոլորտին, եւ թէ՛ մշակութային բնագաւառին մէջ», ընդգծած է Հայաստանի նախագահը:
Հայաստանի եւ Ղազախստանի նախագահները անդրադարձած են երկկողմանի, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի ծիրին մէջ համագործակցութեան հարցերուն: Կարեւոր նկատուած է առեւտրատնտեսական, մշակութային եւ մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ գործակցութեան խորացումը:
Նախագահները յատուկ կերպով ընդգծած են Ղազախստանի հայ համայնքին դերը` երկու երկիրներուն միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններու պահպանման ու զարգացման տեսանկիւնէն: Նախագահ Թոքայեւ ջերմութեամբ խօսած է հայ համայնքին մասին` նշելով, որ անոնք Ղազախստանի արժանի քաղաքացիներ են եւ իրենց ներդրումը ունին երկրի ընկերային-տնտեսական զարգացման գործին մէջ: