Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Մարտինէն երեսփոխան Թումա Չելիք Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուցած է երկրին քաղաքացիութիւնը կորսնցուցածներու վերաբերեալ օրինագիծ մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս» օրաթերթը:
«Այս օրէնքին նպատակը քաղաքացիութիւնը կորսնցուցած, բնակչութեան փոխանակման ենթարկուած, հարկադրաբար աքսորուած եւ ատոր իբրեւ հետեւանք քաղաքացիութիւնը կորսնցուցած քաղաքացիներու քաղաքացիութիւնը վերականգնելն է», յայտարարած է ան:
Այս օրէնքը կը վերաբերի 1 յունուար 1914-էն ետք տարբեր պատճառներով երկրէն հեռացած անձերուն, որոնց շարքին են 1914-1923 թուականներուն աքսորուած Պոնտոսի յոյները, «1915-էն ետք աքսորուած» հայերն ու ասորիները, 1923 թուականին թուրք-յունական բնակչութեան փոխանակութեան, 1924 թուականին նեստորականներու աքսորի, 1934 թուականին Թրակիոյ (հրէական) ջարդի, 6-7 սեպտեմբեր 1955-ի ջարդի, 1964-ի յոյներու աքսորի եւ այլ քաղաքական պատճառներու իբրեւ հետեւանք քաղաքացիութիւնը կորսնցուցածները: