Տագնապը Լուծելու Համար Քարամէ Կ՛աշխատի
Համոզել Եռեակ Զինակցութիւնը
Ժեմայել Տրամադիր Է Հանդուրժելու Ֆետայիներու Ներկայութեան,
Բայց Հետեւանքներուն Պատասխանատուութիւնը Չ՛ուզեր Ստանձնել
Երեքշաբթի` Զինակցութեան Երեսփոխաններու Ժողով
Հրաժարեալ վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ, որուն կարծիքով, մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ ոչ մէկ կառավարութիւն կարելի պիտի ըլլայ կազմել, երէկ աշխատանքի լծուեցաւ` համոզելու համար Եռեակ զինակցութիւնը, որ լուծումի մը յանգելու համար պէտք է զիջումնեեր ընել: Թրիփոլիցի ղեկավարը երէկ առտու տեսակցութիւն մը ունեցաւ Փիեռ Ժեմայելի հետ: Տեսակցութենէն ետք Քարամէ յայտարարեց, որ խօսակցութեանց ընթացքին փոխադարձ հասկացողութիւն ցոյց տրուած է: Նոյն ատեն հրաժարեալ վարչապետը դրուատեց Ժեմայելի հայրենասիրութիւնը, գործակցութեան ոգին եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը:
Ռ. Քարամէ չուզեց որեւէ բան ըսել փաղանգաւորներու պետին հետ իր ունեցած խօսակցութեանց բնոյթին մասին: Բայց կասկած չկայ, որ այդ խօսակցութեանց նիւթ դարձած է «հիմնական խնդիրը», այսինքն` ֆետայիներու հարցը:
Կ՛ըսուի, որ երկու ղեկավարները բացարձակապէս անկեղծ եղած են իրարու հետ: Ռ. Քարամէ ըսած է, որ առանց Եռեակ զինակցութեան կողմէ ցոյց տրուելիք նուազագոյն համաձայնութեան մը` ի վիճակի պիտի չըլլայ իշխանութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելու: Հետեւաբար, ցնոր տնօրինութիւն, մեծամասնական դահլիճի մը հարց չկայ:
Արդ, ի՞նչ կրնայ ըլլալ «նուազագոյն համաձայնութիւնը»: Այս առթիւ պէտք է յիշեցնել կողմերու դիրքերը:
Ռ. Քարամէ կը խորհի, որ այս հարցը կը պահանջէ առաւելագոյն ճկունութիւն: Ներկայ պայմաններուն մէջ ֆետայիները Լիբանանէն ամբողջովին հեռացնել` կը նշանակէ բաժնել ներքին ճակատը ու արաբական գետնի վրայ խնդիրներ ստեղծել: Միակ լուծումն է, «համակարգութեան» պատրուակին տակ, սահմանափակել քոմանտոներու գործունէութիւնը, եւ այս` այնպիսի ձեւով մը, որ վտանգ մը չբերէ Լիբանանին:
Փ. Ժեմայել համաձայն է, որ խնդիրը շատ բարդ ըլլալով` կարելի չէ ձեռքի մէկ շարժումով լուծել: Երկիրը կառավարութեամբ մը օժտելու համար տրամադիր է հանդուրժելու «համակարգութեան» մը գաղափարին: Սակայն` մէկ պայմանով. զինակցութիւնը ինքզինք պատասխանատու չի նկատեր հետեւանքներուն:
Տեսակէտները ճիշդ այս կէտին շուրջ կը տարբերին: Ռ. Քարամէ կ՛ուզէ, որ զինակցութիւնը բաժնէ պատասխանատուութիւնները: Փ. Ժեմայելի կարծիքով, ֆետայիներու հանդէպ նուազագոյն հանդուրժողութեան որեւէ պաշտօնական կամ անպաշտօն համաձայնութիւն կրնայ պատրուակ ծառայել Իսրայէլին` իրագործելու համար իր նպատակները Լիբանանի նկատմամսբ: «Լ՛Օրիան» արդար կը գտնէ Փ. Ժեմայելի այս մտահոգութիւնը:
Վարչապետը եւ փաղանգաւորներու ղեկավարը վիճաբանութեան այս կէտին գալով` բաժնուեցան: Փ. Ժեմայել իր խօսակցութեանց արդիւնքը երկուշաբթի պիտի իմացնէ իր դաշնակիցներուն, որոնք ժողով պիտի գումարեն Քազեմ Խալիլի բնակարանին մէջ:
Այս առթիւ յայտնենք, որ հարաւային Լիբանանի երեսփոխան Քամել Ասաատ երէկ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն նպատակն է, ըստ դիտողներու, իրարմէ հեռու պահել Ռ. Քարամէն եւ Եռեակ զինակցութիւնը: Ք. Ասաատ այնքան բուռն կերպով արտայայտուեցաւ ֆետայիներու գործունէութեան մասին, որ Եռեակ զինակցութեան անդամներուն առիթ տուաւ յայտնելու, որ չեն կրնար աւելի հանդուրժող ըլլալ, քան` հարաւի երեսփոխան մը, որ ուղղակի շահագրգռուած է:
Ամէն պարագայի «Երեք»-ները երկուշաբթի պիտի քննեն հարցին բոլոր երեսները: Միւս կողմէ` որոշուած է զինակցութեան բոլոր երեսփոխանները հրաւիրել ընդհանուր ժողովի մը, որ տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, Պէյրութի պանդոկներէն մէկուն մէջ: Այս ժողովի ընթացքին վերջնական որոշում մը պիտի տրուի ներկայ կացութեան կապակցութեամբ:
Հետեւաբար տագնապին լուծումը առնուազն չորեքշաբթիէն առաջ չի կրնար նախատեսուիլ: