Միացեալ Նահանգները ներկայացնող 18 տարեկան կրանտմասթըր Սամուէլ Սեւեան երկրորդ դիրքը գրաւեց Քափապլանքայի ճատրակի յուշամրցաշարքին:
Հայ ճատրակ խաղացողը առաւելագոյն 10 կէտէն ապահովեց 6,5 կէտ եւ կէս կէտով միայն ետ մնաց տիտղոսին տիրացած ուքրանացի Վասիլի Իվանչուքէն: Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց սպանացի Տաւիտ Անթոն (6,5 կէտով):
Մրցաշարքին մասնակցեցան վեց ճատրակ խաղացողներ, որոնք երկու շրջանով մրցեցան իրարու դէմ: