Լիթուանիոյ մէջ որոշուած են այն թեկնածուները, որոնք կ՛անցնին նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է երկրի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի կայքին վրայ:
Քուէներուն աւելի քան 30 առ հարիւրը ստացած է անկախ թեկնածու, տնտեսագէտ Կիթանաս Նաուսետան: Մէկ տոկոսէն նուազ տարբերութեամբ երկրորդ դիրք գրաւած է Հայրենիքի միութիւն-Լիթուանիոյ քրիստոնեայ ժողովրդավարական կուսակցութենէն թեկնածու, երկիրի ելեւմուտքի նախկին նախարար Ինկրիտա Շիմոնիթէն:
Լիթուանիոյ վարչապետ Սաուլիուս Սքվերնիալիս, որ նոյնպէս մասնակցած է ընտրութեան, 20 առ հարիւր արդիւնքով գրաւած է երրորդ դիրքը: «Տելֆի» կայքի տեղեկութեան համաձայն, ան պարտութիւն համարած է երկրորդ փուլ չանցնիլը եւ վար դրած իր լիազօրութիւնները:
«Ասիկա կը նշանակէ, որ ես չունիմ մարդոց վստահութիւնը, որ ես չեմ կրնար գլխաւորել կառավարութիւնը», յայտարարած է ան:
Վարչապետի պաշտօնին թեկնածուներուն թիւը 9 էր: Լիթուանիոյ օրէնսդրութեան համաձայն, ընտրութեան առաջին փուլին յաղթելու համար թեկնածուն պէտք է ստանայ քուէներու առնուազն 51 առ հարիւրը:
Երկիրի նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ 26 մայիսին: