Բրիտանիոյ խորհրդարանը երկրին Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն` «Պրեքզիթ»-ի վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան հետ գոյացած համաձայնագիրի շուրջ քուէարկութիւն պիտի կատարէ յունիսի սկիզբը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Բրիտանիոյ վարչապետին բանբերը` ամփոփելով վարչապետ Թերեզա Մէյի եւ ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ճերըմի Քորպընի հանդիպումին արդիւնքները:
14 մայիսի երեկոյեան տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է «Պրեքզիթ»-ի իրագործման հարցը: Նախապէս վարչապետին դիւանատունը յայտարարած էր, թէ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու գործարքը պէտք է Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի կողմէ հաստատուի մինչեւ յուլիսի վերջը: Մինչ այդ, խորհրդարանը քանի մը անգամ մերժած է Մէյի կողմէ առաջարկուող համաձայնագիրը` պահանջելով «Պրեքզիթ»-ի նկատմամբ մօտեցումը վերատեսութեան ենթարկել:
Բրիտանիոյ վարչապետի բանբերին հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Վարչապետը եւ ընդդիմութեան ղեկավարը ցանկութիւն յայտնեցին… իրականացնել Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու հանրաքուէի արդիւնքները: Մենք խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու համաձայնագիրը պիտի քննարկենք 3 յունիսին սկսող շաբթուան ընթացքին: Ատիկա պարտադիր է ընել, որպէսզի Բրիտանիան Եւրոպական Միութենէն դուրս գայ մինչեւ ամառնային խորհրդարանական արձակուրդներու սկիզբը (յուլիսի վերջաւորութեան «Ա»)»: