Կառավարութիւնը երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, վարչապետարանին մէջ շարունակեց 2019-ի պետական ամավարկի քննարկման իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ պետական ամավարկին մասին բարեկարգումի առաջարկները քննարկուած են` աւելցնելով, որ գրեթէ բոլոր նախարարները իրենց առաջարկները ներկայացուցած են բերանացի եւ գրաւոր կերպով:
Բարեկարգումի այդ առաջարկները, որոնց շուրջ համախոհութիւն պիտի գոյանայ, պիտի վերածուին օրինագիծերու:
Ժարրահ նշեց, որ երէկ աւարտած է կրթութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն ամավարկերուն քննարկումը:
Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը այսօր երկու նիստեր պիտի գումարէ. առաջինը` կէսօրուան ժամը 12:00-ին, իսկ երկրորդը` երեկոյեան իֆթարէն ետք:
Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ ինք հանգիստ կը զգայ, որ պետական ամավարկը կ՛ուղղուի դէպի դրական արդիւնքներու ապահովում:
Խալիլ նշեց, որ վարչապետ Հարիրի կը նախատեսէ այսօր աւարտել պետական ամավարկի քննարկումը:
Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ նշեց, որ պաշտպանութեան նախարարութեան ամավարկը վաւերացուած է, առանց զինուորականներուն կամ հանգստեան կոչուած զինուորականներուն իրաւունքներուն` աշխատավարձին, բժշկական խնամքին եւ հատուցումներուն դպչելու:
Կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը այսօր գումարելիք իր զոյգ նիստերուն ընթացքին պետական ամավարկի վերջին ընթերցում կատարէ, որպէսզի աւելի ուշ Պաապտայի մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահութեամբ գումարէ նիստ մը` վաւերացնելու համար պետական ամավարկը եւ զայն յղելու խորհրդարան: