Լոնտոնեան Արսենալի գլխաւոր մարզիչ Ունայ Էմերի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի` «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին մասնակցութեան: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 29 մայիսին` Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ:
«Թէեւ ատիկա քաղաքական հարց մըն է, որուն մանրամասնութիւններուն այդքան ալ տեղեակ չեմ, բայց մենք կ՛ուզենք աւարտականի այդ մրցումը կատարել Մխիթարեանի հետ: Մեր ամէն կարելին պիտի ընենք, որպէսզի ան մեզի հետ մեկնի Պաքու: Պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դրուի, որպէսզի անոր չարգիլուի Ազրպէյճան մուտքը», ըսաւ սպանացի մարզիչը:
Նախորդ շաբաթ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Լէյլա Ապտուլայեւա վստահեցուցած էր, որ Մխիթարեան աւարտականի այդ մրցումին մասնակցութեան հետ կապուած խնդիրներ պիտի չունենայ:
«Պաքուի մէջ տեղի ունեցած են բազմաթիւ մրցումներ, որոնց մասնակցած են նաեւ հայ մարզիկներ: Մարզաշխարհը քաղաքականութենէ դուրս է», ըսած էր Ապտուլայեւա: