Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 33-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումները դարձեալ չվճռեցին երկրին ախոյեանին անունը:
Յաղթանակի մը պարագային, Պայէրն Միւնիխ պիտի հռչակուէր ախոյեան:
Բայց անիկա 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ հեռացաւ Լայփցիկի դաշտէն:
Պայէրն այժմ երկու կէտի առաւելութիւն մը ունի երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտի վրայ, որ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր դաշտին վրայ` Ֆորթունա Տիւսելտոլֆի դէմ:
Տորթմունտի կոլերը նշանակեցին Քրիսթիան Փուլիսիչ (41-րդ), Թոմաս Տելանի (53-րդ) եւ Մարիօ Կէօթցէ (90+2), իսկ Տիւսելտոլֆի կոլերը` Օլիվըր Ֆինք (47-րդ) եւ Տաւիտ Քովնաքի (90+5)` աւելի քան 81 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Վերջին հանգրուանին Պայէրն Միւնիխ, որ պիտի հիւրընկալէ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը (6-րդ), յաղթանակի մը պարագային պիտի հանդիսանայ ախոյեան, իսկ Պորուսիա Տորթմունտ հիւրը պիտի ըլլայ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախին (4-րդ):