Պրազիլի Դաշնակցային բարձրագոյն դատարանը հրամայեց ազատ արձակել թուրք գործարար Ալի Սիփահին, որ Սան Փաուլոյի մէջ ունի ճաշարան մը եւ 12 տարիէ ի վեր հաստատուած է Պրազիլի մէջ:
Թրքական իշխանութիւնները 31 տարեկան գործարարը կ՛ամբաստանեն 2016-ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ ձախողած յեղաշրջման փորձին մեղսակցութեամբ:
Սիփահի թրքական եւ պրազիլեան հպատակութիւն ունի: Ան կալանաւորուած էր ապրիլին:
Թուրք գործարարի փաստաբան Թէօ Տիաս ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Անմեղ քաղաքացիի մը բանտարկութեան որոշումը ջնջելը կարեւոր քայլ մըն է, եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի սերտենք յաջորդ քայլերը»: