Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձ մը յղած է ղարաբաղեան տագնապի հրադադարի հաստատման 25-ամեակին առիթով: Ան ըսած է, թէ hրադադարի մասին գրաւոր համաձայնութիւնը ուժի մէջ մտած է 12 մայիս 1994-ի կէս գիշերին, եւ այդ տարիներուն ընթացքին հայկական կողմերը մշտապէս հաւատարիմ եղած են եւ պիտի շարունակեն հաւատարիմ մնալ այդ կարեւորագոյն համաձայնագիրի իրականացման: Քառորդ դար անցած է այդ պահէն, որուն ընթացքին հրադադարը չէ վերածուած խաղաղութեան:
Ընդգծելով շրջանի ժողովուրդները տագնապի խաղաղ լուծման նախապատրաստելու կարեւորութիւնը` վարչապետը անգամ մը եւս նշած է, որ տագնապի լուծման բեմագրութիւնը պէտք է ընդունելի ըլլայ բոլոր երեք կողմերուն` Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն համար:
Ան իր ուղերձին մէջ ըսած է, որ առարկայական բանակցութիւններ կատարել եւ արդիւնք ստանալ կարելի են միայն այն պարագային, երբ Արցախը կը ներգրաւուի այն հոլովոյթին մէջ, որ ի վերջոյ պիտի որոշէ անոր կարգավիճակն ու պիտի ապահովէ հոն ապրող մարդոց անվտանգութեան երաշխիքները: Եռակողմանի համաձայնութիւնը այն իրական հիմքն է, որուն վրայ կարելի է կառուցել երկարատեւ խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն:
Իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Փաշինեան հաստատած է, որ պատրաստ է երաշխաւորելու, որ Հայաստան պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ հրադադարի պահպանման համաձայնագիրի իրականացման ու ջանքեր ներդնել` տագնապի լուծման եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու նպատակով, նաեւ շարունակելով ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխաւորը:
Ան նաեւ նշած է, որ աշխարհի մէջ գոյութիւն չունի որեւէ ժողովուրդ, որ խաղաղութիւն չի ցանկար: Ինչպէս նաեւ գոյութիւն չունի որեւէ ծնող, որ սահմանին կանգնած իր զաւկին համար չցանկայ անամպ երկինք: