ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Առողջ սննդականոնի մը պիտի հետեւիք ձեր առողջութեան համար: Պիտի կեդրոնացնէք ձեր ուժերը` քննութիւն մը յանձնելու համար: Նոր ծրագիրի մը գործադրութեան պիտի սկսիք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Յաջողութեան մը առիթով մեծ ուրախութիւն պիտի ապրիք: Օգնութեան ձեռք պիտի երկարէք ձեր զաւակներէն մէկուն: Անակնկալի պիտի գաք, որ ձեր ընկերները ձեր կողքին կանգնած են: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Իրարանցումէն հեռու կեցէք: Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն մէջ: Ձեր հարազատներուն հետ վիճաբանութեան մէջ մի՛ մտնէք: Ճնշումները պիտի շատնան, նախընտրելի է կանուխ երթալ աշխատանքի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք եւ մի՛ աղաւաղէք ձեր անունը: Ձեր տրամադրութիւնը մասամբ պիտի փոխուի: Պիտի յաջողիք աւարտել ձեր բոլոր պարտականութիւնները:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Պաշտպանեցք ձեր իրաւունքները: Աշխուժ եւ արդիւնաբեր շրջան մըն է բոլոր մարզերուն մէջ: Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Պայմանները ի շահ ձեզի պիտի փոխուին: Ամսուան գեղեցիկ օրերէն մէկն է: Ձեր գործին մէջ յաջողութեան եւ յառաջդիմելու մեծ առիթ ձեռք պիտի ձգէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր աշխուժութիւնը եւ խանդավառութիւնը պիտի նուազին հարցի մը պատճառով, զոր երկար աշխատանքէ ետք պիտի յաջողիք լուծել: Օգտուեցէք առիթներէն` սրբագրելու ձեր սխալները:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Տնային նորոգութիւններով պիտի զբաղիք այս օրերուն: Ձեր շրջապատին մէջ կան անձեր, որոնք լաւապէս կը գնահատեն ձեր կարողութիւնները եւ առած քայլերը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր ժամանակը երկրորդական հարցերով մի՛ կորսնցնէք: Նոր պատասխանատուութիւն մը պիտի շալկէք: Ընտանեկան փոքր տագնապ մը պիտի ապրիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Նոր փորձառութիւն մը ձեռք պիտի ձգէք: Կը փափաքիք ճամբորդութիւն մը կատարել: Մինակ մի՛ մնաք, ժամանակ անցուցէք ձեր ընկերներուն եւ բարեկամներուն հետ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Առարկայականօրէն պիտի մօտենաք ձեր հարցերուն: Մի՛ վստահիք ձեզի բոլոր ըսուածներուն: Ձեր նիւթական հաւասարակշռութիւնը պահեցէք, որպէսզի նեղութեան չմատնուիք: Մի՛ ամչնաք, համարձակ եղէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեզի հետ պատահած բոլոր անհասկցողութիւնները տեղւոյն վրայ լուծեցէք եւ մի՛ բարդացնէք հարցերը: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է: Հանգիստի պէտք ունիք: