Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը` «Փրեմիեր լիկ»-ը վաղը կ՛աւարտի, երբ տեղի կ՛ունենայ 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթի, որ ունի 95 կէտ եւ կէտով մը կը գերազանցէ Լիվըրփուլը (2-րդ), հիւրը պիտի ըլլայ Պրայթընի (17-րդ): Լիվըրփուլ կը հիւրընկալէ Վուլվզը (7-րդ):
Ինչ ալ ըլլայ Լիվըրփուլի արձանագրելիք արդիւնքը, եթէ Մանչեսթըր Սիթի յաղթէ Պրայթընին, պիտի հռչակուի 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան:
Գերմանիոյ մէջ եւս կրնայ յստականալ ախոյեանին անունը, եթէ Պայէրն Միւնիխ յաղթական վերադառնայ Լայփցիկի դաշտէն, որովհետեւ ունի 4 կէտի առաւելութիւն մը` Պորուսիա Տորթմունտի վրայ (2-րդ):
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը).