Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, վաղը` կիրակի, 12 մայիսին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի կ՛ունենայ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը:
Տեղի կ՛ունենան տղոց եւ աղջկանց 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկան դասակարգերու մրցումներ:
Արձանագրութեան սակ ճշդուած է 15 հազար լիբանանեան ոսկին:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն այս մրցաշարքին մասնակցիլ, պէտք է կապ հաստատեն Գէորգ Կոստանեանի (70-677955), Րաֆֆի Ստեփանեանի (70-961948) կամ Ալի Ժաուիշի (03-300166) հետ:
Այս մրցաշարքին բոլոր մասնակցողները պարտին առաւօտեան ժամը 9:30-ին ներկայ գտնուիլ ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբ` դիւրացնելու համար պատասխանատուներուն աշխատանքը: