«Տը Միրըր» հաղորդեց, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Տէյվիտ Պեքհամ կէս տարիով զրկուեցաւ ինքնաշարժ վարելու իր արտօնագիրէն, Լոնտոնի մէջ ինքնաշարժ վարելու ընթացքին հեռաձայնով խօսելու պատճառով:
Միջադէպը տեղի ունեցած է նախորդ տարի` 21 նոյեմբերին:
Այս մասին Լոնտոնի բնակիչներէն մէկը, որուն անունը չէ հրապարակուած, տեղեակ պահած է ոստիկանութիւնը:
Պեքհամ ընդունած է իր յանցանքը, համաձայն գտնուած է ընդունիլ կախակայումը եւ վճարել իր դէմ սահմանուած տուգանքը: