Ամերիկեան օդուժի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտնած է, որ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան շահերու պաշտպանութեան նպատակով շրջանին մէջ ռմբաձիգներու խումբի տեղակայման ծիրին մէջ Քաթարի մէջ ռազմակայան հասած է «Պի-52 Սթրաթոֆորթրես» ռմբաձիգը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Պի-52 Սթրաթոֆորթրես» ռմբաձիգը, որ մեկնած էր Լոս Անճելըսի «Պարքստէյլ» ռազմակայանէն, «Ուտէյտ» ռազմակայան հասած է 9 մայիս 2019-ին», կ՛ըսուի հրամանատարութեան պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան համաձայն, «այս օդանաւը կը մտնէ խումբին մէջ այն ռմբաձիգներուն, որոնք տեղակայուած են Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութեան պատասխանատուութեան գօտիին մէջ` շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերու եւ շահերու պաշտպանութեան համար»:
Միացեալ Նահանգներ նախապէս յայտնած էին Իրանի կողմէ սպառնալիքի աճի եւ օդանաւակիրի ու մարտանաւերու, ինչպէս նաեւ ռազմավարական ռմբաձիգներու շրջան ուղարկման մասին:
Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ ամերիկեան իշխանութիւնները հաւանութիւն տուած են Քաթարին 24 «Էյ.Էյչ.-64 Ափաչի» ուղղաթիռ եւ անոնց առնչուած 3 միլիառ տոլար ընդհանուր գումարի զէնք վաճառելուն: Արտաքին գործոց նախարարութեան որոշումին մասին յայտնած է Փենթակոնի կառուցուածքին մէջ մտնող Պաշտպանական համագործակցութեան գործակալութիւնը:
Քաթարի օդուժը նախապէս արդէն ձեռք ձգած էր այդ տիպի 24 ուղղաթիռ:
«Ուղղաթիռները Քաթարին պիտի տան երկարաժամկէտ պաշտպանական եւ յարձակողական ներուժ, ինչպէս նաեւ կ՛արտօնեն ընդլայնել քարիւղի եւ կազի հանգուցային ենթակառոյցի եւ հարթակներու պաշտպանութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Գործարքի կարելիութեան մասին որոշումը տակաւին չի նշանակեր, որ ատիկա պիտի կնքուի, սակայն կը հաստատէ, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները քաղաքական ու զինուորական խոչընդոտներ չեն տեսներ պարտաւորագիրի ստորագրման համար: