Լիբանանեան Նաժահ – Պէյրութ ակումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ կատարուած լողարշաւի գարնանային միջազգային բաց ախոյեանութեան, յաջողեցաւ բացառիկ արդիւնքներ արձանագրելով տիրանալ 96 մետալի (40-ը` ոսկի, 36-ը` արծաթ, 20-ը` պրոնզ):
Բացի ատկէ, անոր մարզիկները լիբանանեան երեք նոր մրցանիշներ հաստատեցին:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին 17 երկսեռ լողորդներ` իրենց մարզիչ ունենալով Մոհամետ Սաքըրը:
Ախոյեանութեան աւարտին, որուն մասնակցեցան 15 ակումբներ, ինչպէս նաեւ Քաթարի ազգային խումբը, Նաժահ գրաւեց ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը:
Նաժահ ակումբի նախագահ Մոհամետ Շաքեր շնորհաւորեց բոլոր մրցանակակիրները եւ անոնց մաղթեց նորանոր նուաճումներ: