1 յունիսին տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականը պիտի ըլլայ զուտ անգլիական:
Լիվըրփուլէն ետք Թոթենհամ իր կարգին հասաւ աւարտականին` մրցաշարքէն դուրս ձգելով հոլանտական Այաքս Ամսթերտամը, անոր դէմ արձանագրելով 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Երթին Թոթենհամ, որ իր դաշտին վրայ կրած էր 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը, օգտուեցաւ օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութենէն:
Լոնտոնեան կազմին` Թոթենհամի յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Լուքաս Մուրա (55-րդ, 59-րդ եւ 90+6-րդ): Պրազիլցին բնականաբար իր իրագործած այս հեթրիքով ինքզինք զգաց հպարտ` նկատի ունենալով, որ ատոր շնորհիւ Թոթենհամ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հասաւ այս մրցաշարքի աւարտականին: