Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 2018-2019 տարեշրջանի աւարտին, Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Զինետին Զիտանի տրամադրութեան տակ պիտի ըլլայ 350 միլիոն եւրօ` խումբը օժտելու համար նորեկ մարզիկներով:
Սակայն նշուեցաւ, որ Ռէալ Մատրիտ պատրաստ չէ 280 միլիոն եւրօ յատկացնելու Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Քիլիան Մպափէի համար:
Յայտնենք, որ անոր պայմանագրութիւնը ֆրանսական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2022:
Ֆութպոլիստը կ՛ուզէ տարեշրջան մը եւս ելոյթ ունենալ Սեն Ժերմենի հետ:
Ան այս տարեշրջանին 41 մրցումի ընթացքին նշանակած է 36 կոլ եւ կատարած 17 էսիսթ:
Սակայն այլ գետնի վրայ, Ռէալ Մատրիտ աշխատանք կը տանի անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպայի ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու:
Երբ մարզիկներու փոխանցումները սկսին, Ռէալ Մատրիտ անոր փոխանցման համար պատրաստ է առաջարկելու 112 միլիոն եւրօ:
Սակայն կը նշուի, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ իր 26 տարեկան ֆութպոլիստին վաճառքէն կ՛ակնկալէ 150 միլիոն եւրօ: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2021:
Փոկպա, որ չ՛ուզեր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել, 34 մրցումի ընթացքին նշանակած է 13 կոլ եւ կատարած 9 էսիսթ: