Սուրիական բանակը երէկ առաւօտեան զինեալ խմբաւորումներուն հետ բուռն բախումներէ ետք մուտք գործեց Համայի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Մատիք գիւղ եւ անոր պատմական բերդը, ապա շարունակեց յառաջանալ դէպի Իտլիպի հարաւը գտնուող Ժապալ Զաուիայի գիւղերուն սահմանակից Ժապալ Շահիհօ գիւղերուն ուղղութեամբ:
Գիւղին բերդը ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ կը գտնուի բարձր բլուրի մը վրայ եւ բոլոր կողմերով շրջապատուած է դաշտերով, այդպիսով կ՛արգելակուի Ժապալ Շահիհոյի գիւղերուն միջեւ երթեւեկը:
Շրջանը կը գտնուէր Ժէյշ ալ Իզ, Ժէյշ Նասր եւ Ժապհա Ուաթանիէ Լալթահրիր զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ, իսկ Ժապալ Շահիհոյի շրջանը կը գտնուի Ժապհաթ Նուսրայի վերահսկողութեան տակ: