Monday May 20, 2013

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՅԱՋՈՐԴ ՆԻՍՏԻՆ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐԸ ՍՐԲԱԳՐԵԼՈՒ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ

By adminx - Mon Dec 19, 7:49 am

Աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս հաստատեց, որ աշխատավարձի սրբագրումին թղթածրարը յառաջիկայ չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին վրայ զետեղուած է` իբրեւ օրակարգին 36-րդ կէտը:

Այս առումով, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` սրբագրելու համար աշխատավարձերը, ընդգծելով, որ այդ իմաստով կառավարութեան որոշումը պիտի ըլլայ համախոհական:

Վարչապետ Միքաթի մաղթեց, որ նախարարները երկրին տնտեսական իրավիճակը ի մտի ունենան` աշխատավարձերը սրբագրելու թղթածրարը քննարկելու ընթացքին:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement