«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ այսօր` հինգշաբթի, 9 մայիսին, Վալենսիա – Արսենալ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Հոլանտայէն:
Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Տենի Մաքելի:
Երթի մրցումին, Արսենալ Լոնտոնի մէջ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Եթէ պատահի, որ սպանական կազմը արձանագրէ նուազագոյնը 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, Արսենալ պիտի չկարենայ հասնիլ աւարտականին: