Մուսթաքպալ պլոքը երէկ կէսօրէ ետք գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի:
Նիստէն ետք երեսփոխան Ռուլա Թապըշ շեշտեց, որ պլոքը կոչ կ՛ուղղէ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին 2019-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու եւ զայն ուղարկելու խորհրդարան:
Մուսթաքպալ պլոքը կոչ ուղղեց նաեւ վերջ տալու սահմանափակ եկամուտ ունեցող քաղաքացիներուն աշխատավարձը կրճատելու մասին տարածուող տարաձայնութիւններուն:
Մուսթաքպալ պլոքը խստիւ դատապարտեց Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները: