Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանը երէկ` կիրակի, 5 մայիսին, հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի վեցերորդ ճակատումը` Ռիատիի եւ Պէյրութի միջեւ:
Նախքան երէկուան այս ճակատումը, Ռիատի, որ 3-2 արդիւնքով կը գերազանցէր իր մրցակիցը, արձանագրելով իր չորրորդ յաղթանակը` 89-83 արդիւնքով (26-16, 47-42, 72-59, 89-83), հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան, վերջին հինգ տարիներուն չորրորդ անգամ ըլլալով:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պէյրութէն Ալի Հայտար (26 կէտ), մինչ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուաէլ Արաքժի (20):
Աւարտին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին Ա. փոխնախագահ Տումեթ Քալլապ տիտղոսը յանձնեց Ռիատիի խմբապետ Ժան Ապտելնուրին: