Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումները սկսան նախորդ շաբաթավերջին:
Կիսաւարտականի առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կրեց պարտութիւն մը իր մրցակիցէն` Պէյրութէն:
Անոնց միջեւ երկրորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, դարձեալ աւարտեցաւ Պէյրութի յաղթանակով` 58-35 արդիւնքով:
Այսպիսով, Պէյրութ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սքաուտրա մրցումին յաղթականին դէմ:
Անոնց միջեւ առաջին մրցումը աւարտեցաւ Սքուատրայի յաղթանակով` 51-43 արդիւնքով:
Երկու կազմերը իրարու դէմ յանդիման պիտի գան վաղը` երեքշաբթի, 7 մայիսին, երեկոյեան ժամը 22:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:
Կիսաւարտականին պարտուած խումբերը իրարու դէմ կը մրցին երրորդ դիրքի մրցումին համար: