Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յայտարարած է, թէ իր երկիրը պիտի շարունակէ համագործակցիլ ՕԹԱՆ-ի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Յայտարարութիւնը հրապարակուած է Ազրպէյճանի եւ ՕԹԱՆ-ի գործընկերութեան համաձայնագիրի կնքման 25-ամեակին առիթով:
«Մենք կը գիտակցինք, որ համաշխարհայնացման դարաշրջանին մէջ որեւէ տագնապ կամ ճակատում անխուսափելիօրէն կ՛ազդէ ուրիշ երկիրներու վրայ: Ազրպէյճան պիտի շարունակէ Հիւսիսատլանտեան դաշինքին հետ գործընկերութիւնը` յանուն Եւրատլանտեան տարածքին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան», կ՛ըսուի Հասանովին հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Հասանով նաեւ նշած է, որ ՕԹԱՆ-ի հետ գործընկերական եւ փոխադարձ շահաւէտ յարաբերութիւններու զարգացումը Ազրպէյճանի բանակի հիմնական առաջնահերթութիւններէն մէկն է:
Ան յիշեցուցած է, որ Ազրպէյճան առաջին օրէն մասնակցած է Քոսովոյի եւ Աֆղանիստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի խաղաղապահ առաքելութիւններուն:
Անդրադառնալով շրջանային հարցերուն` Հասանով իր պաշտօնական յայտարարութեան մէջ նշած է. «Հարաւային Կովկասի տագնապներու լուծման հարցին մէջ ՕԹԱՆ-ի վճռական դիրքորոշումը արժանի է գովասանքի»: