Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Չինաստան «Մէկ գօտի` մէկ ճամբայ» յաւակնոտ միջազգային տնտեսական նախագիծի ծիրին մէջ իր մեծ ներդրումները պաշտպանելու նպատակով կը պատրաստուի աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ ռազմակայաններ կառուցելու: Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Փենթակոնի նոր զեկուցումին մէջ:
Փեքին ներկայիս իր սահմաններէն դուրս գտնուող մէկ ռազմակայան ունի. անիկա տեղակայուած է Ճիպութիի մէջ: Սակայն այժմ չինական պետութիւնը մտադիր է նոր ռազմակայաններ կառուցել Միջին Արեւելքի, հարաւարեւելեան Ասիոյ, Փաքիստանի եւ Խաղաղական ովկիանոսի արեւմտեան հատուածին մէջ:
«Չինաստան պիտի փորձէ ռազմակայաններ կառուցել այն երկիրներուն մէջ, որոնց հետ բարեկամական յարաբերութիւններ ունի, եւ որոնց հետ հասարակաց ռազմավարական շահեր կան: Իբրեւ օրինակ կրնանք նշել Փաքիստանը», կը նշուի Փենթակոնի զեկուցումին մէջ:
Բացի ատկէ, փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Չինաստանը հետզհետէ աւելի կ՛աշխուժանայ բեւեռային շրջանին մէջ, ուր եւս կրնայ ուժեղացնել զինուորական ներկայութիւնը` տեղակայելով սուզանաւեր: