Անցեալ շաբաթավերջին, Ուզպեքիստանի Թաշքենտ մայրաքաղաքին մէջ գումարուեցաւ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին ընդհանուր ժողովը` մասնակցութեամբ Ասիական 29 երկիրներու: Ժողովին ներկայ էր նաեւ միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ ֆրանսացի Տաւիտ Լափարթիէն: Ժողովականները լսեցին ընթացիկ նիւթաբարոյական տեղեկագիրը եւ զայն որդեգրեցին միաձայնութեամբ: «Գործադիր մարմինը ներկայացուց նաեւ յաջորդ 2 տարիներու ծրագիրն ու հեծելարշաւի ախոյեանութիւններուն վայրերն ու թուականները:
Ժողովի ընթացքին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ, ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան պարգեւատրուեցաւ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին ամէնէն բարձր` «Արժանեաց» շքանշանով ու շնորհակալագիրով` 30 տարուան ծառայութեան համար: Արդ` ՀՄԸՄ-ական Վաչէ Ծատուրեան իր առաջին մրցումը կատարած է 1989-ին, երբ տակաւին 15 տարեկան էր: 30 տարիներու ընթացքին ան եղած է Լիբանանի ախոյեան, մասնակցած է 1992-ի ողիմպիական խաղերուն եւ ապա ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի ներկայացուցչական խումբին մարզիչ դարձած ու նուաճած ախոյեանութիւն:
2004-ին ընտրուած է Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ եւ ցարդ կը վարէ նոյն պաշտօնը:
Նշենք, որ այս տարուան յուլիս ամսուան 25-էն 28 Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Ասիոյ Մաունթն պայքի ախոյեանութիւնը: