Ճափոնի վարչապետ Սինձօ Ապէ երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց Աքիհիթօ կայսրին իր գահէն հրաժարելուն մասին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին ըսուած է անոր յայտարարութեան մէջ, որ ՆՀՔ պետական պատկերասփիւռի կայանէն կարդացած է երկրի նախարարաց խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Եոսիհիտէ Սուքան:
Փաստաթուղթին մէջ կ՛ըսուի. «Նորին մեծութիւնը, յատուկ օրէնքի կէտերուն համապատասխան, այսօր վար կը դնէ իր լիազօրութիւնները»: Վարչապետը այդ առնչութեամբ ժողովուրդին անունով խոր երախտագիտութիւն յայտնած է Աքիհիթօ կայսրին ու Միթիքօ կայսրուհիին:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը գրէ, որ Ճափոնի Աքիհիթօ կայսրը 30 ապրիլի երեկոյեան պաշտօնէն հեռանալէ կարճ ժամանակ ետք կայսերական պալատէն պիտի տեղափոխուի Թոքիոյի ժամանակաւոր նստավայր, նախքան հաստատուիլը Թոկու պալատին մէջ, ուր ապրած է իր որդին` գահաժառանգ Նարուհիթօ իշխանը:
Վերջինս 1 մայիսին պիտի դառնայ Ճափոնի նոր կայսրը եւ իր ընտանիքին հետ տեղափոխուի կայսերական պալատ:
Աքիհիթօ երէկ աւարտած է գահէն հրաժարման առնչուած կրօնական ծիսակատարութիւնները: