Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի Կրօնական ժողովը 29 ապրիլին որոշած է դիմել Պոլսոյ նահանգապետարան` նոր պատրիարքի ընտրութեան արտօնութեան համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»-ը:
8 մարտին Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի վախճանումէն ետք յայտարարուած սուգը աւարտած է, եւ նոր պատրիարքի ընտրութեան համար առաջին ժողովը կայացած է երկուշաբթի, 29 ապրիլին: Կրօնական ժողովի ընթացքին որոշուած է ընտրութեան ընթացքը: Ըստ աւանդութեան, պատրիարքի վախճանումէն ետք ընտրական հոլովոյթը պէտք է ղեկավարէ պատրիարքի տեղապահը: Արամ արք. Աթեշեան յայտնած է, թէ քանի որ պետութիւնը պատրիարքի հիւանդութեան ժամանակ իրեն տուած է պատրիարքի փոխանորդի կարգավիճակ, կ՛ուզէ ինք ղեկավարել ընտրական հոլովոյթը:
Կրօնական ժողովի ընթացքին 5 հոգի թեր քուէարկած է փոխանորդի ղեկավարման, իսկ 3 հոգի թեր քուէարկած են պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեանի ղեկավարման: 1 հոգի ձեռնպահ մնացած է:
Զեկուցումին մէջ նշուած է, որ պէտք է անյապաղ դիմել նահանգապետարան:
Իրաւաբաններ Սեդրակ Դաւութհան եւ Սեպուհ Ասլանկիլ «Ակօս»-ին յայտնած են, թէ անհրաժեշտ է, որ հոլովոյթը ղեկավարէ տեղապահը: Նոյն տեսակէտը յայտնած է նաեւ Կրօնական ժողովի նախագահ Սահակ եպս. Մաշալեանը: