Անգարայի մէջ Պաղեստինի դեսպան Ֆայետ Մուսթաֆա յայտարարեց, որ թրքական իշխանութիւնները հաղորդած են, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հաշուոյն լրտեսութեան ամբաստանութեամբ կալանաւորուած Զաքի Եուսեֆ թրքական բանտերէն մէկուն մէջ անձնասպանութիւն գործած է:
Ան աւելցուց, որ դեսպանատունը կը հետեւի դէպքին եւ կը սպասէ դատաբժիշկի զեկուցումին` հերքելով շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրը, որ պաղեստինցի արգելափակեալը անձնասպանութիւն գործած է:
Նշենք, որ թրքական իշխանութիւնները 15 ապրիլին հաղորդած էին, որ Պոլսոյ մէջ ձերբակալած են երկու պաղեստինցիներ` Սամեր Սամիհ Շաապանը եւ Ուազքի Եուսեֆ Հասանը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հաշուոյն լրտեսութիւն կատարելու եւ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան անոնց մեղսակցութեան կասկածանքով: