«Ազդակ» երէկ Պելճիքայի պատգամաւորներու պալատին ներկայացուած ժխտողականութեան դէմ օրէնքի հարցով կապ հաստատեց Պրիւքսելի Հայ դատի գրասենեակին հետ:
Պրիւքսելի Հայ դատի գրասենեակէն «Ազդակ»-ին յայտնեցին, թէ Պելճիքայի Պատգամաւորներու պալատը որդեգրած է ժխտողականութեան դէմ օրէնքը, որ, օրինակ, կը քրէականացնէ Ռուանտայի եւ Սրեպրենիցայի ցեղասպանութիւններու ժխտումը, սակայն ոչ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը:
Գրասենեակէն աւելցուցին, որ ՀՅԴ Պրիւքսելի Հայ դատի գրասենեակն ու Պելճիքայի հայութեան կոմիտէն անցնող շուրջ երկու շաբթուան ընթացքին մեծ աշխատանք տարած են օրէնքը բարեփոխման ենթարկելու համար, պելճիքացի շարք մը քաղաքական դէմքեր դէմ արտայայտուած են օրէնքի ներկայ տարազին, իսկ պելճիքական մամուլին մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ օրէնքին ներկայ տարազին դէմ արտայայտուող 2-3 յօդուածներ լոյս տեսած են:
Աւելի՛ն, 24 ապրիլին օրէնքի քննարկման ընթացքին ներկայացուած են բարեփոխման առաջարկներ, որոնք, սակայն մերժուած են, եւ Պատգամաւորներու պալատը երէկ որդեգրած է օրէնքը առանց անոր մէջ նշելու Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման հարցը:
Յիշեցնենք, որ Պելճիքայի Հայութեան կոմիտէն, Միջագետքի ժողովուրդի մշակութային կեդրոնը, Պելճիքայի ասորիներու դաշնակցութիւնը, Արամէացիներու դաշնակցութիւնն ու Պոնտոսի յոյներու «Քամիան Ք՛են Արկոս» միութիւնը հրապարակած էին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած էին. «1915-ի ցեղասպանութիւնը օրինագիծէն դուրս ձգելը կը համապատասխանէ Թուրքիոյ կառավարութեան անօրինական ակնկալիքներուն: Թէեւ ժխտողականութիւնը հիմնականին մէջ քաղաքական փոքրամասնութեան ուժերու խօսակցութեան մաս կը կազմէ, սակայն վտանգաւոր է ժողովրդավարութեան եւ հասարակական խաղաղութեան համար, ապա Թուրքիոյ մէջ 1915-ի ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը կ՛իրականացուի պետական մակարդակով` ազդելով իր պելճիքական սփիւռքի մեծամասնութեան վրայ»:
Նշենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը` զօրակցելով պելճիքահայութեան, Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Հիւպեր Քուրմանին նամակ մը յղած էր եւ խոր մտահոգութիւն յայտնած Պելճիքայի հակաժխտողականութեան օրէնքին նկատմամբ: