Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 24 ապրիլին հրապարակեց «Հայկական յիշատակման օր»-ի առիթով յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դարձեալ օգտագործեց «Մեծ եղեռն» եզրը:
Ստորեւ` յայտարարութիւնը.
«Այսօր կ՛ոգեկոչենք Մեծ եղեռնն ու յարգանքի տուրք կը մատուցենք բոլոր անոնց յիշատակին, որոնք տառապած են 20-րդ դարու ամէնէն սարսափելի դաժան արարքներու պատճառով: 1915 թուականէն սկսեալ, Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն, մէկուկէս միլիոն հայեր տեղահանուած, սպաննուած կամ մահուան երթի ուղարկուած են: Յիշատակի այս օրով մենք դարձեալ կը միանանք Ամերիկայի ու ամբողջ աշխարհի հայ համայնքին` սգալով բազմաթիւ կեանքերու կորուստը:
«Այսօր մենք նաեւ կը յարգենք ու կը ճանչնանք աշխատանքը անոնց, որոնք փորձեցին վերջ տալ բռնութեան, ինչպէս նաեւ` անոնց, որոնք ձգտեցան երաշխաւորելու, որ այսպիսի դաժան արարքներ այլեւս երբեք պիտի չկրկնուին, ինչպէս` իրաւապաշտպան եւ իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքինը: Մենք կը յիշենք ներդրած աւանդը այն մեծահոգի ամերիկացիներուն, որոնք օգնած են` փրկելու կեանքեր եւ վերակառուցելու հայկական համայնքները: Պատուելով բոլոր անոնք, որոնք տառապած են, մենք նաեւ կը ներշնչուինք այն քաջարի եւ տոկուն հայերէն, որոնք ի հեճուկս ահռելի դժուարութիւններու, ամբողջ աշխարհի տարածքին, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու մէջ, կառուցեցին կենսունակ համայնքներ:
«Մենք պատրաստ ենք դաս քաղելու նախկին ողբերգութիւններէն, որպէսզի ատոնք չկրկնենք: Մենք կ՛ողջունենք հայերու եւ թուրքերու` իրենց ցաւալի անցեալը ընդունելու եւ անոր հետ առերեսուելու ջանքերը: Մենք կը կանգնինք հայ ժողովուրդին կողքին` յիշելու Մեծ եղեռնի ընթացքին կորսուած կեանքերն ու վերահաստատելու աւելի խաղաղ աշխարհ կառուցելու մեր յանձնառութիւնը»:
Թուրքիա Կը Մերժէ Թրամփի Յայտարարութիւնը
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` մերժելով Թրամփի յայտարարութիւնը:
Մենք կը մերժենք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի 1915-ի դէպքերու մասին յայտարարութիւնը: Ատոնց մեկնաբանումը, որ պայմանաւորուած է հայերու կողմէ ստեղծուած ենթակայական մօտեցումով, նշանակութիւն չունի: Պատմութեան խեղաթիւրումը ներքին քաղաքական պատճառներով անընդունելի է», կը նշէ հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ կը նշուի, որ Թուրքիա կը պնդէ միացեալ պատմական յանձնախումբ ստեղծելու իր առաջարկին վրայ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըչ իր կարգին յայտարարեց, որ Թրամփի յայտարարութիւնը միակողմանի է, եւ ատոր մէջ հաշուի չեն առնուած «թուրք եւ այլ իսլամ ժողովուրդներու ցաւն ու վիշտը»:
Քըլըչի խօսքով, «Բազմաթիւ փաստեր կան այն մասին, որ հայկական հրոսակախումբեր 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ սպաննած են խաղաղ իսլամ բնակչութիւնը»:
Ան նշած է, որ հակառակ անոր որ Անգարան Երեւանին կոչ ուղղած է «1915-ի դէպքերու» վերաբերեալ միացեալ յանձնախումբ ստեղծել, Հայաստանի իշխանութիւնները տակաւին չեն արձագանգած ատոր:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Քննադատէ Թրամփի Յայտարարութիւնը
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, յայտարարութիւն մը հրապարակելով, քննադատեց Թրամփի յայտարարութիւնը` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը արդէն երկրորդ տարին ըլլալով` յաւուր պատշաճի չի դատապարտեր Օսմանեան կայսրութեան գործած ցեղասպանութիւնը:
«Այս քաղաքականութիւնը սկզբնաւորուած է Անգարայի մէջ` թուրք բռնապետներու կողմէ, իսկ ետքը ամերիկացի նախագահները զայն կիրակած են Ուաշինկթընի մէջ», ըսաւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը:
Ան ընդգծեց, որ «Նախ Ամերիկան» խոստումը տուած Թրամփ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ կ՛առաջնորդուի «Նախ Թուրքիան» սկզբունքով:
«Խոստանալով պայքարիլ քրիստոնեաներու դէմ բռնաճնշումներուն դէմ` Թրամփ աջակցեցաւ օտարերկրեայ վարչակարգին` մէկդարեայ պատմութիւն ունեցող յանցագործութեան յիշատակը ազնուօրէն ոգեկոչելու փոխարէն:
Ան խոստացած էր վերականգնել Միացեալ Նահանգներու ղեկավար դերը, սակայն փոխարէնը օտարերկրեայ բռնապետութեան զիջեցաւ ամերիկեան բարոյական արժէքները: Այժմ մենք հայեացքը կ՛ուղղենք Քոնկրեսին` յոյս ունենալով, որ պիտի ցուցաբերէ այն առաջնորդողի դերը, ինչը չկարողացաւ կատարել Սպիտակ տունը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Թրէյսի. «Միացեալ Նահանգներ Պատմական Իրողութիւնը Չեն Ժխտեր»
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի 24 ապրիլին Ծիծեռնակաբերդի մէջ լրագրողներուն յայտնեց.«Այսօր յարգանքի տուրք կը մատուցենք 1915 թուականի մեծագոյն վայրագութիւններէն մէկուն յիշատակին»:
«Այսօր կարեւոր կը նկատենք այն հանգամանքը, որ մենք պէտք է ներշնչուինք հայ ժողովուրդի խիզախ զաւակներով, որոնք կարողացան շարունակել իրենց կեանքը, ու նաեւ` տոկունութիւնը, որ հանդէս բերաւ հայ ժողովուրդը թէ՛ այստեղ` Հայաստանի մէջ, թէ՛ աշխարհի շատ վայրերուն մէջ. հայկական համայնքները իրենց հայկական ոգիի ամրութիւնը դրսեւորելով` իրենց կարեւոր կենսունակութիւնը կ՛ապահովեն», ըսաւ ան:
Դեսպանին խօսքով, ամերիկացիները երախտապարտ են հայկական ծագումով այն ամերիկացիներուն, որոնք Միացեալ Նահանգներուն մէջ մեծ ներդրում ունեցած են:
Այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 49-ը արդէն ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, ի՞նչ կը մտածէ այդ մասին, Միացեալ Նահանգներու դեսպանը պատասխանեց. «Միացեալ Նահանգներու մէջ դեսպանի պաշտօնին հաստատման ժամանակ ես նշած եմ եւ դարձեալ կը նշեմ, որ Միացեալ Նահանգներ պատմական իրողութիւնը չեն ժխտեր, եւ այն, ինչ տեղի ունեցած է 1915 թուականին, 20-րդ դարու դաժան արարքներէն մէկն է, եւ մեզ կը շարունակէ ոգեւորել տոկունութիւնը, որ մենք կը տեսնենք հայ ժողովուրդին մէջ», ըսաւ ան: